2 Thessalonians 3
1 Ի վերջոյ, եղբայրներ, աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որպէսզի Տիրոջ խօսքին տարածման գործը արագ ընթանայ եւ ամէն տեղ փառաւոր արդիւնքի հասնի, ինչպէս ձեր մօտ եղաւ։
2 Աղօթեցէք նաեւ, որ Աստուած մեզ ազատէ անպատկառ եւ չար մարդոցմէ, որովհետեւ ամէնքը չեն հաւատար Աւետարանի պատգամին։
3 Բայց դուք վստահեցէ՛ք Տիրոջ, որ պիտի զօրացնէ ձեզ եւ հեռու պահէ Չարէն ։
4 Եւ Տէրը մեզի վստահութիւն կու տայ, թէ ինչ որ ձեզի պատուիրեցինք՝ կը կատարէք ու պիտի շարունակէք կատարել։
5 Թող Տէրը ձեր սիրտերը ուղղէ, որպէսզի ճանչնաք Աստուծոյ սէրը եւ Քրիստոսի ցուցաբերած համբերութիւնը։
6 Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով կը պատուիրեմ ձեզի, եղբայրներ, որ հեռու մնաք ոեւէհաւատակից եղբօրմէ՝ որ ծուլութեամբ կ՚ապրի, եւ ո՛չ թէ այն օրինակով որ մենք ձեզի տուինք։
7 Որովհետեւ դուք լաւ գիտէք՝ ինչպիսի՛ օրինակ մը տուինք ձեզի, որպէսզի անոր հետեւիք։ Երբեք ծուլութեամբ չապրեցանք ձեր մօտ,
8 ո՛չ ալ ձրի կերպով մէկու մը հացը կերանք։ Այլ՝ քրտինքով ու տքնութեամբ գիշեր–ցերեկ կ՚աշխատէինք, ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չըլլալու համար։
9 Ո՛չ թէ որովհետեւ իրաւունք չունէինք մեր սնունդն ու բնակարանը ձեզմէ ստանալու, այլ՝ կ՚ուզէինք որ մեր անձերը ձեզի օրինակ դառնան եւ մեր օրինակին հետեւիք։
10 Արդարեւ, ձեր մօտ եղած ատեն ալ շարունակ կը պատուիրէինք ձեզի, ըսելով. «Չաշխատողը թող չուտէ»։
11 Մինչդեռ հիմա կը լսենք, թէ ձեզմէ ոմանք ծուլութեամբ կ՚ապրին, առանց ոեւէ գործ ընելու, միակ գործ ըրած՝ ուրիշներու գործին խառնուիլը։
12 Այնպիսիներուն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կը պատուիրենք եւ կը խնդրենք, որ սովորական աշխատանքին վերադառնան եւ իրենց աշխատանքով իրենց հացը վաստըկին։
13 Սակայն դուք, եղբայրներ, բարիք գործելէ մի՛ ձանձրանաք։
14 Իսկ եթէ ոեւէ մէկը չհնազանդի մեր այս նամակով տուած պատուէրին, զայն նկատի առէք եւ բարեկամութիւն մի՛ ընէք հետը, որպէսզի ամչնայ։
15 Բայց եւ այնպէս՝ թշնամիի տեղ մի՛ դնէք, այլ իբրեւ եղբայր խրատեցէք։
16 Թող խաղաղութիւն պարգեւող Տէրը ինք խաղաղութիւն տայ ձեզի, ամէն ատեն եւ ամէն կերպով։ Տէրը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։
17 Այս ողջոյնը ես՝ Պօղոս, իմ ձեռքովս է որ կը գրեմ։ Նամակներուս մէջ ստորագրութիւնս ա՛յս է, այսպէ՛ս է իմ գիրս։
18 Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։